Հետազօտող Շահէն Յովսէփեան տեղեկացուցած է, որ Իրանի տարածքին կայ 600 եկեղեցի, որոնց 480-ը հայկական է, մեծ մասը կը գտնուի կանգուն վիճակի մէջ։ Հայկական եկեղեցիները կառուցուած են բնիկ եւ գաղթական հայերու միջոցներով, ըսած է ան: Նշենք, որ Յովսէթեան այս կարծիքը յայտնած է 29 փետրուարին Հայաստանի Քաղաքաշինութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ, Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է «Նոր Ջուղա» խորագրեալ գիտաժողովին ընթացքին: