image

Ինչո՞ւ հայերը չեն վստահիր Ատրպէյճանին. Kommersant-ի անդրադարձը

Ինչո՞ւ հայերը չեն վստահիր Ատրպէյճանին. Kommersant-ի անդրադարձը

Ռուսաստանեան լրատուամիջոցներէն Коммерсантъ պարբերականը ընդարձակ անդրադարձ կատարած է այն հարցին, թէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի մէջ ինչպէս կը դիտարկեն երկու երկիրներու հասարակութիւններու միջեւ վստահութեան հաստատման վերաբերեալ հարցը:

Աղբիւրը յիշեցուցած ապրիլին երկու երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումն ու արդիւնաւէտ բանակցային գործընթաց հաստատելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւնները: Միեւնոյն ժամանակ յայտնած է, որ այս հարցի վերաբերեալ առայժմ ակնառու առաջընթաց չկայ: Որպէս օրինակ՝ նշած է բրիտանական «Արսենալ»-ի եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանի՝ Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպա լիկայի եզրափակիչ փուլին չմասնակցելու փաստը:

Աղբիւրը կը գրէ, որ այս օրինակը ցոյց կու տայ, թէ ինչ փուլի մէջ կը գտնուին երկու երկիրներու յարաբերութիւններն ու անոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Շարունակելով երկու երկիրներու բնակիչներու՝ իրար նկատմամբ ձեւաւորուած վերաբերմունքի թեման՝ յօդուածի հեղինակը յիշած է 2004 թուականին Հունկարիոյ մէջ ատրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութիւնը: Ինչէն ետք Ատրպէյճանի մէջ անոր հերոսի կոչում շնորհուեցաւ՝ գոյքային պարգեւատրումներու հետ միասին: Հեղինակը մէջբերած է Ատրպէյճանի իշխանութեան ներկայացուցիչի խօսքը այն մասին, որ այդ երկրի բնակչութեան հիմնական մասը կը դատապարտէ մարդասպանին հերոսի կոչում տալու փաստը:

«Ան պարզապէս մեր երկիրը վատ դրութեան մէջ դրաւ: Իսկ հիմա հայերը իւրաքանչիւր հնարաւորութեան տեղի ունեցածը պիտի օգտագործեն, որպէսզի ճնշում գործադրեն Ատրպէյճանի վրայ, այդ շարքին՝ բանակցային գործընթացին»,- աղբիւրը մէջբերած է Ատրպէյճանի իշխանութեան ներկայացուցիչի խօսքը:

Յօդուածին մէջ ներկայացուած է դեռ անցած տարուան փետրուարին Հայաստան այցելած, ատրպէյճանական Turan գործակալութեան խմբագիր Շահին Կաճիեւայի հետ ունեցած զրոյցը: Խմբագիրը յայտնած է, որ Հայաստան այցելելու համար ինքը մօտ 7 ամիս բանակցութիւններ վարած է իր երկրի իշխանութիւններուն հետ եւ 5 ամիս՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ:

Ան ըսած է, որ Ատրպէյճանի մէջ իրեն կասկածանքով վերաբերած են՝ հարցուփորձ ընելով, թէ ինչու եւ որու ֆինանսաւորմամբ պիտի երթայ Հայաստան:

Միեւնոյն ժամանակ, աղբիւրը մէջբերած է ատրպէյճանցի խմբագրի խօսքը այն մասին, որ Երեւանի փողոցներով զբօսնելու ժամանակ ան որևէ թշնամական վերաբերմունքի չէ արժանացած, ինչը, իր խօսքով, աւելի դժուար է պատկերացնել այն պարագային, եթէ հայը քալէր Պաքուի փողոցներով: