Թատմոր- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Շուրջ երկու շաբաթ տեւած մարտերէն ետք, սուրիական զօրքերը վերականգնած են իրենց հսկողութիւնը աւելի քան 2000 տարուան կեանք ունեցող Թատմոր (Palmyra) քաղաքին վրայ, ինչը կը նկատուի Պաշշար Ասատի վարչակարգի ամենամեծ յաղթանակը՝ «Իսլամական պետութեան» դէմ:
Ահաբեկչական կազմակերպութիւնը շրջանին մէջ վայրագութիւններ գործած է եւ ոչնչացուցած է քաղաքի կարեւոր հնութիւնները, որոնց շարքին են`Բելի եւ Պահըլ Շմինի տաճարներու աւերումը:
Բելի տաճարը՝ աւերումէն առաջ եւ ետք:

Յաղթանակի Կամարը՝ աւերումէն առաջ եւ ետք:

Թատմորի հնագիտական թանգարանէն ներս եղած աւերուածութեան պատկերը:

Ռոմանական թատրոնը, որ հնագէտներու ենթադրութեամբ կառուցուած է երկրորդ դարու առաջին կիսուն, մնացած է կանգուն:

Մեռելական (թաղման) տաճարը նոյնպէս փրկուած է «Տահէշ»էն:
