image

Հռոմի Պապը Դարձեալ Յիշատակած է Հայ Ժողովուրդի Ապրած Հալածանքները

Հռոմի Պապը  Դարձեալ Յիշատակած է Հայ Ժողովուրդի  Ապրած  Հալածանքները

 Այսօր Վատիկանի      Տոմուս Սանթա  Մարթայի Մատրան  մէջ       իր մատուցած    Պատարագին ընթացքին Հռոմի  Ֆրանչիսկոս Պապ  յիշատակած է  հայ  ժողովուրդի ապրած       ողբերգութիւնները: Պապը նաեւ ըսած է, որ  հայերը առաջինն էին, որ որպէս պետականութիւն ընդունեցին քրիստոնէութիւնը: Հռոմի Պապը     դատապարտելովով այսօր միջին արեւելքի մէջ      քրիստոնեաներուն դէմ     տեղի ունեցող բռնութիւններն ու հալածանքները նոյնպէս դատապարտած է  կարգ մը  տէրութիւններու իշխանութիւնները, որոնք Պապին ըսելով իրենց լռութեամբ եւ անտարբերութեամբ կը մասնակցին  այդ   ոճրագործութիւններուն: Նշենք, որ  Հռոմի քահանայապետը այսօր ընդունած է Հայ Կաթողիկէ համայնքապետ  Գրիգոր- Պետրոս Ի.   Կապրոյեանն ու  եպիսկոպոսական Սիւնոդի   սրբազան հայրերը, որոնք   համապատարագած են Հռոմի  սրբազան քահանայապետին հետ:  Իր պատրիարք ընտրութիւնէն  ետք    Հայ Կաթողիկէ   Պատրիարքը     առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպէր   Պապին: