Այս առաւօտ հրթիռ մը ինկած է Հալէպի Հայ Աւետարանական «Բէթէլ» վարժարանին կից: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նոյնպէս հաղորդեց, որ հրթիռը ինկած է «Բէթէլ» վարժարանի դիմաց գտնուող «Ալ Ամմալ» վարժարանի մայթին վրայ եւ բարեբախտաբար չէ պայթած: Յիշեցնենք, որ անցեալ ուրբաթ օր Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ տիրող ծանր իրավիճակին առ ի հետեւանք համայնքի վարժարանները որոշում առած են այսօր մէկ օրով փակ պահել իրենց դռները: Նշենք, որ Հալէպի տարբեր շրջաններուն մէջ մարտերը կը շարունակուին: Սուրիոյ բանակը կոչ ուղղած է ընդդիմադիր զինեալներուն՝ արագօրէն յանձնել իրենց զէնքերը կամ հեռանալ Հալէպի արեւելեան շրջաններէն: