image

Հրապարակուած է հայկական կողմի վերահսկողութեան տակ գտնուող Կիւննութի գերեզմաններ ատրպէյճանցիներու այցին տեսանիւթը

Հրապարակուած է հայկական կողմի վերահսկողութեան տակ գտնուող Կիւննութի գերեզմաններ ատրպէյճանցիներու այցին տեսանիւթը

Համացանցի մէջ հրապարակուած է Կիւննութի գերեզմաններ ատրպէյճանցիներու այցի տեսանիւթը, զոր հրապարակած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Նկարահանուած է հայկական դիրքերէ, այն դիրքէն, որ լիարժէք վերահսկողութիւն ունի գիւղի աւերակներու նկատմամբ»,-գրած է ան Facebook-ի իր էջին մէջ:

Նախապէս Յովհաննիսեան յայտնած էր, որ 6 եւ 7 Յունիսին ատրպէյճանական կողմը դիմած է ՀՀ ԶՈՒ-երու հրամանատարութեան` խնդրելով թոյլատրել որոշ քաղաքացիներու մօտենալ Կիւննութ աւերակ բնակավայրի հարաւային արուարձանի գերեզմանատեղիներ: Հայկական կողմը, մարդասիրական կանոններէ մեկնելով, թոյլատրած էր: