Զօրավար Յունան Պօղոսեանը նշանակուած է Սիւնիքի մարզպետ։
Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ կառավարութեան 16 հոկտեմբերի նիստի օրակարգէն։
Յիշեցնենք, որ ՀՀ ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ, ոստիկանութեան զօրավար Յունան Պօղոսեանը հրաժարական ներկայացուցած էր 11 մայիսին։
Մայիսի 12-ին նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրերով, Յունան Պօղոսեանը ազատուած է ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալի պաշտօնէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան մէջ ծառայութենէն:
Կառավարութեան նիստի օրակարգէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ Դաւիթ Գէորգեանը պիտի նշանակուի Արագածոտնի մարզպետ, Համբարձում Մաթեւոսեանը՝ Արմաւիրի։