image

ՀՀ Ոստիկանութեա պետի նախկին տեղակալ Յունան Պօղոսեան Սիւնիքի մարզպետ պիտի նշանակուի

ՀՀ Ոստիկանութեա պետի նախկին տեղակալ Յունան Պօղոսեան Սիւնիքի  մարզպետ պիտի նշանակուի

Զօրավար Յունան Պօղոսեանը նշանակուած է Սիւնիքի մարզպետ։

Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ կառավարութեան 16 հոկտեմբերի նիստի օրակարգէն։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ, ոստիկանութեան զօրավար Յունան Պօղոսեանը հրաժարական ներկայացուցած էր 11 մայիսին։

Մայիսի 12-ին նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրերով, Յունան Պօղոսեանը ազատուած է ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալի պաշտօնէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան մէջ ծառայութենէն:


Կառավարութեան նիստի օրակարգէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ Դաւիթ Գէորգեանը պիտի նշանակուի Արագածոտնի մարզպետ, Համբարձում Մաթեւոսեանը՝ Արմաւիրի։