image

ՀՀ նախագահն ու վարչապետը մասնակցած են «Աւրորա` ի պատիւ 2018 թուականի դափնեկիրի» խորագիրով ձեռնարկին

ՀՀ նախագահն ու վարչապետը մասնակցած են  «Աւրորա` ի պատիւ 2018 թուականի դափնեկիրի» խորագիրով ձեռնարկին

Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցած  «Աւրորա»-ի մարդասիրական նախաձեռնութեան ` «Աւրորա` ի պատիւ 2018 թուականի դափնեկիրի» խորագիրով ձեռնարկին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը եւ տիկինը` Նունէ Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր կնոջ` Աննա Յակոբեանի հետ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկած է խօսքով, որուն մէջ գնահատած է «Աւրորա»-ի մարդասիրական նշանակութիւն ունեցող մրցանակաբաշխութիւնը եւ հետապնդած նպատակները:

ՀՀ նախագահը մասնաւորապէս ըսած է՝

««Աւրորա» կը նշանակէ արշալոյս: Արշալոյսը՝ նոր օր, նոր օրը՝ նոր սկիզբ:
Յատկանշական է, որ «Աւրորա»-ի հերթական մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՝ունենայ Նոր Հայաստանի մէջ, երբ համայն հայութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան մէջ կտրուկ աւելցած է ձգտումը դէպի ազատութիւն, լոյս ու երազանք: Եւ ի հարկէ, որեւէ երազանք չի կրնար իրականութիւն դառնալ առանց մարդասիրութեան, սրտացաւութեան, հանդուրժողականութեան ու երկխօսութեան:

Աւելի քան 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդի դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը իբրեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն, դարձաւ խարան աշխարհի ճակատին վրայ:

Աւելի քան 100 տարի առաջ մեր ժողովուրդը զգաց, թէ ինչ մեծ արժէք ունին օգնութեան ձեռքը, գթասրտութիւնը, մարդասիրութիւնը եւ անկախ անկէ, թէ ով է այդ ձեռքը մեկնողը, անկախ այդ մարդու ազգութենէն, կրօնէն եւ, ի հարկէ, ձեռքի գոյնէն։

Ցեղասպանութեան հարուածէն ետք մեր ժողովուրդը ուժ գտաւ ո՛չ միայն վերապրելու, այլեւ՝ վերստեղծելու իր հայրենիքը եւ, ի հարկէ, չմոռնալու անցեալը:

Իրօք, ուժեղ է ո՛չ թէ ան, ով ուժ ունի, այլ ան, ով իր մէջ ապրելու, վերածնելու, պայքարելու եւ հանդուրժող ըլլալու ուժ կը գտնէ:

Սիրելի՛ բարեկամներ

Գնահատելի է, որ այս մրցանակի հիմնադիրները ներդրում կը կատարեն մարդասիրութեան տարածման գործին մէջ: Յիշենք, որ այդպէս վարուած են մեր հետ նաեւ անոնք, որոնք աւելի քան մէկ դար առաջ Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Իրաքի, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ մէջ ապաստան եւ օգնութիւն տուած են ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Եւ ահա այսօր մենք կը ձգտինք վերադարձնել այն, ինչ ստացած ենք աւելի քան 100 տարի առաջ:

Այսօր, արշալոյսին, «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրին անունը հնչեց բիբլիական Արարատի հայեացքին ներքոյ:

Ատով իսկ մենք մեր հայկական ուղերձը կը տարածենք աշխարհով մէկ եւ այս է ուղերձը՝ մենք մեր պատմութեամբ ու կեանքով մաս կը կազմենք աշխարհին, որ այսօր կրկին երկխօսելու, միմեանց լսելու, փոխադարձ յարգանքի եւ հանդուրժողականութեան կարիք ունի»։