image

ՀՀ Գլխաւոր դատախազը կարեւոր յայտարարութիւն կատարեց Կուտոյեանի սպանութեան խնդրով

ՀՀ Գլխաւոր դատախազը կարեւոր յայտարարութիւն կատարեց Կուտոյեանի սպանութեան խնդրով

 

«Այս պահուն ունինք դէպքի նախնական քննութեամբ ձեռք բերուած նախնական բաւականաչափ տուեալներ, որոնք կը վկայեն ինքնասպանութեան մասին»,-ըսած է ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը:

Ան յիշեցուցած է, որ ինքնասպանութեան հասցնելու յանցակազմի յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ, եւ ընդգծած է, որ մահուան ելքով դէպքին բնորոշ բոլոր վարկածներն ամենայն խորութեամբ պիտի ստուգուին:

«Բոլոր ուղղութիւններով, բոլոր վարկածներով պատշաճ քննութիւն կ'իրականացուի: Քննութեան ընթացքին որոշակի էական հանգամանքներ ձեռք բերուելու եւ քննութեան արդիւնքներու մասին ես ձեզի հետ խօսելու առիթ կ'ունենամ»,-նշած է Դաւթեանը: