image

Հայկ Մարութեանն իր երդման արարողութիւնը իւրայատուկ ձեւով պիտի իրականացնէ. «Ժողովուրդ»

Հայկ Մարութեանն իր երդման արարողութիւնը իւրայատուկ ձեւով պիտի իրականացնէ. «Ժողովուրդ»

«Ժողովուրդ» թերթը գրում է. «Մեր տեղեկութիւններով՝ 23 սեպտեմբերին աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն Երեւանի քաղաքապետ ընտրուած Հայկ Մարութեանը իր երդման արարողութիւնը որոշած է իւրայատուկ ձեւով իրականացնել:

Այս ընթացքին յամառօրէն լուրեր կը շրջանառուին այն մասին, որ Մարութեանը մտադրութիւն ունի իր երդմնակալութեան արարողութիւնը իրականացնէ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Մարութեանն այդպէս պիտի վարուի, քանի որ Հանրապետութեան հրապարակը կը նոյնացուի թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակի հետ, նաեւ դարձած է ժողովուրդի հետ իշխանութիւններու հաղորդակցութեան իւրօրինակ հարթակ: Ինչպէս կը յիշէք, վարչապետ Փաշինեանն ալ իր 100 օրն ամփոփեց Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Երեւանի քաղաքապետարանէն յայտնեցին, որ Մարութեանն իրենց հետ չէ քննարկած իր ծրագիրները՝ հակառակ այն բանին, որ քաղաքապետարանի աշխատակազմը կը զբաղուի երդմնակալութեան արարողութեան կազմակերպման աշխատանքներով:

Աւելին՝ ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ մինչ այդ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը չի բացառուիր որ հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ, եւ Հայկ Մարութեանին ձայն տուած քաղաքացիներուն կը հրաւիրէ Հանրապետութեան հրապարակ՝ մասնակցելու անոր երդմնակալութեան արարողութեան»: