Երեւանի աւագանիի առաջին նիստին ընթացքին՝ «Իմ քայլը» դաշինքի ընտրական ցուցակի առաջին թիւով՝ Հայկ Մարութեան օրէնքի ուժով ստանձնեց Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը: Այս մասին յայտարարած է նորընտիր աւագանիի առաջին նիստը վարող Լիլիթ Պիպոյեան:
«Հիմք ընդունելով, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն արդիւնքներով «Իմ քայլը» դաշինքը ստացած է աւագանիի անդամներու տեղերու 50 տոկոսէն աւելին, ուստի Երեւան քաղաքի մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքի 44-րդ յօդուածի երկրորդ մասին համաձայն՝ «Իմ քայլը» դաշինքի ցուցակի առաջին հորիզոնականին վրայ գտնուող Հայկ Մարութեան օրէնքի ուժով կը համարուի Երեւանի ընտրուած քաղաքապետ»,- յայտարարած է ան:
Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան շնորհաւորած է ներկաները Երեւանի աւագանիի առաջին նիստին առիթով: Ան ընդգծած է, որ շատ յուզիչ պահ է, իսկ ինքը երջանիկ է, որ աւագանիի անդամները կը ներկայացնեն Երեւանի բնակիչները, որ տեղի ունեցած է ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու միջոցով: «Մենք բոլորս միասին ունինք պատմական հնարաւորութիւնու կատար ածելու այն բոլոր երազանքները, որ տարիներ շարունակ ունէինք, ի կատար ածելու այն երազանքները, որ ունին մեր երեւանցիները: Եւ ես վստահ եմ, որ աւագանիի այս կազմով մենք պիտի ընենք այնպէս, որ մեր երեւանցիները ամէն օր, ամէն ժամ ու ամէն վայրկեան ժպտան: Ես կարեւոր կը համարեմ այս պահը: Երեւանի աւագանիի կազմը ըստ խմբակցութիւններու չեմ տարբերակեր, որովհետեւ մենք բոլորս պէտք է աշխատինք միասին, պէտք է ամէն վայրկեան մտածենք մեր քաղաքին, մեր երեւանցիներուն մասին»,- ըսած է ան:
Դիմելով Երեւանի աւագանիի անդամներուն՝ Հայկ Մարութեան յորդորած է միշտ ուշադիր ըլլալ Երեւանի բնակիչներու բոլոր խնդիրներուն, ահազանգերուն, անյապաղ արձագանգել ու բոլոր հարցերը դնել աւագանիի նիստի քննարկման ու անոնց անյապաղ լուծումներ տալ:
Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 13 հոկտեմբերին` ժամը 12։00-ին հրաւիրուած աւագանիի նիստին:
Համաձայն Երեւանի մասին օրէնքի` քաղաքապետը իր լիազօրութիւնները կը ստանձնէ ընտրուելէն ետք 3-րդ օրացոյցային օրը։