12 մայիս 1994-ի զինադադարէն ետք մեր ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ճիշդ դասեր չէ քաղած աշխարհի օրինակներէն եւ ունենալով առաւելութիւն բանակցային գործընթացին մէջ աւելի նպաստաւոր լուծումներ չէ կրցած ունենալ: Այս մասին Արցախի մէջ քաղաքաշինութեան նախարարութեան աշխատակազմի եւ շինարարական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:
Ան ներկայացուցած է 44-օրեայ պատերազմի ընթացքը, նշելով, որ պատերազմի հետեւանքները իրեն համար յայտնի էին արդէն հոկտեմբերի սկիզբը, սակայն հայաստանեան քաղաքական ուժերը ընդհանուր յայտարարի չեն եկած. «Չի ձեւաւորուում քաղաքական քոնսենսուս (համաձայնութիւն) կամ միասնական կարծիք՝ ընդդիմադիր, իշխանամէտ, իշխանութիւն, եւ կարծես թէ պատերազմը կանգնեցնելն այդ օրը համարում էին դաւաճանութիւն»:
Նախագահը ընդգծած է, որ հակառակորդի կողմէ պատերազմին կը մասնակցէր Թուրքիան: Այսօր ալ թրքական պաշտօնեաները կը յայտարարեն. «Ատրպէյճանի հետ միասին մեզ յաջողուել է լուծել պատմական արդարութիւնը»: Միայն 7 հազար ահաբեկիչ վարձկան Սիրիայից մասնակցում էր արցախեան երկրորդ պատերազմին:
Մեր ամենամեծ սխալը եղել է այն, որ 1992 թուականի յունիսի 13-ից, երբ հայաթափուեց Շահումեանը, յետոյ Մարտակերտը, Հադրութի, Մարտունու, Ասկերանի որոշ գիւղեր, մենք տէր չենք կանգնել եւ աւելի քան 50 հազար հայ բնակչութիւն թողել են Արցախը՝ ունենալով հնարաւորութիւն տեղաւորելու: Սա պատճառներից մէկն է, քանի որ Արցախում բնակչութիւնը պէտք է լինէր ոչ թէ 45 հազար, այլ աւելի քան 200 հազար: Երբ շահումեանցիների 10 տոկոսին էլ տէր չենք կանգնել եւ այդ մարդիկ գնացել են»:
Արայիկ Յարութիւնեանը նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Արցախի ապագան կը տեսնէ նոր ռազմաքաղաքական աւելի խոր համագործակցութեան շրջածիրէ ներս եւ Ռուսաստանի հետ միասին, որպէսզի կարողանանք դիմակայել այս ստեղծուած իրավիճակին. «Քանի որ Թուրքիան չի պատրաստուում լքել տարածքը»: Անոր խօսքով, Արցախը կը շարունակէ քաղաքական պայքարը Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու համար, գոնէ ԼՂԻՄ սահմաններով: