image

Հայաստանի սահմանը խախտած ատրպէյճանցին փոխադրուած է հիւանդանոց

Հայաստանի սահմանը խախտած ատրպէյճանցին փոխադրուած է հիւանդանոց

Էլվին Արիֆ օղլու Հիպրակիմովի բուժզննման արդիւնքով պարզուած է, որ վերջինիս անհրաժեշտ է բժշկական շտապ միջամտութիւն:

Հայաստանի պետական սահմանը խախտած, Ատրպէյճանի քաղաքացի Էլվին Արիֆ օղլու Հիպրակիմովը տեղափոխած են «Էրեբունի» հիւանդանոց։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Լուսինէ Մարտիրոսեանը:

«Ապրիլի 24-ին «էրեբունի» ԲԿ է ընդունուել կալանաւոր, Հայաստանի պետական սահմանը խախտած, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի Էլվին Արիֆ օղլու Հիպրակիմովը: Բուժզննման արդիւնքում պարզուել է, որ վերջինիս անհրաժեշտ է բժշկական շտապ միջամտութիւն: Իրականացուած բաց եղանակով վիրահատութեան արդիւնքում վերջինիս ստամոքսից հեռացուել է օտար մարմին: Հիւանդը գտնւում է բժիշկների մշտական հոգածութեան եւ վերահսկողութեան ներքոյ, վիճակը կայուն է»,–ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը տեղեկացուի, որ բոլոր գործողութիւնները իրականացուած են ՀՀ արդարադատութեան եւ առողջապահութեան նախարարութիւններու եւ Կարմիր խաչի գրասենեակի սերտ համագործակցութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Հիպրակիմովը ՀՀ սահմանը հատած է Տաւուշի մարզի Բարեկամաւան գիւղի մօտակայքէն 2019 թուականի 16 մարտին՝ ժամը 01:00-01:30-ի սահմաններուն: Ան, ըստ իր մօտ յայտնաբերուած փաստաթուղթերուն, Ատրպէյճանի քաղաքացի է:

ՀՀ պետական սահմանը Էլվին Հիպրակիմովի կողմէ ապօրինի հատելու փաստի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ: