image

Հայաստանի քաղաքական ուժերը շատ խանդավառ չեն արտահերթ ընտրութիւններով

Հայաստանի քաղաքական ուժերը   շատ խանդավառ չեն արտահերթ    ընտրութիւններով

Հայաստանի մէջ ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու միտքը քաղաքական ուժերէն մաս մը այն­քան ալ ոգեւորութեամբ չէ ընդունած: Ընտրութիւնները նաեւ մեծ ծախսեր կ'ենթադրեն, եթէ անգամ ոչ ընտրակաշառքի, ապա նախընտրական շտապներ բանալու, քարոզչական խումբեր պահելու, հեռուստատեսութեամբ եթեր գնելու առումով: Իսկ կուսակցութիւնները, յատկապէս, խորհրդարան անցածները, մէկ տարի առաջ էր՝ ահռելի միջոցներ ծախսած էին այդ նպատակով: