ՀՀ ազգային ժողովն ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ռազմական դրութիւնը վերացնելու մասին ԱԺ որոշման նախագիծը, որ նախաձեռնած էին ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները: Որոշման նախագիծը ԱԺ 24 մարտի նիստին քուէարկութեամբ ստացաւ 118 «կողմ», 1 «դէմ», 1 «ձեռնպահ» ձայներ:
Քուէարկութենէն առաջ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը յայտնած է, որ խմբակցութիւնը կողմ պիտի քուէարկէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարուած էր 27 սեպտեմբերէն` Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմով պայմանաւորուած:
Ըստ ԱԺ կանոնակարգ ՀՀ օրէնքի՝ Ազգային ժողովի նախագահը ռազմական դրութեան չեղեալ յայտարարելու մասին Ազգային ժողովի որոշումը կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ անյապաղ, եթէ այդ որոշմամբ այլ ժամկէտ սահմանուած չէ: