Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 6-րդ պարագան։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան:
Ան նաեւ նշած է, որ մահացողը 78-ամեայ կին մըն է, որ Հայաստանի քաղաքացի չէ։
Յիշեցնենք, որ այսօր «Քորոնա» ժահրի մահուան եւս մէկ դէպք գրանցուած էր, մահացողը 68-ամեայ տղամարդ մըն էր, որ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկ հիւանդութիւններ։
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերու թիւը արդէն հասած է 663-ի` մէկ օրուայ մէջ աւելնալով 92-ով։
Առողջապահութեան նախարար` Արսէն Թորոսեան, այսօր լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած էր, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներէն 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է. որոնցմէ մէկը երիտասարդ մըն է։