image

Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 16 նոր դէպք․ զոհերու թիւն աւելացած է 1-ով

Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 16 նոր դէպք․ զոհերու թիւն աւելացած է 1-ով

ՀՀ ԱՆ Հիւանդութիւններու վերահսկման ու կանխարգելման ազգային կեդրոնէն յայտնած են, որ 10 ապրիլին, ժամը 11։00-ի դրութեամբ՝ 

Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման ընդհանուր 937 դէպք (9 ապրիլի դրութեամբ՝ 921)։

Գրանցուած է մահուան 11 դէպք։

Ունինք 149 առողջացած (9 ապրիլին՝ 138)։ Ներկայիս փաստացի բուժում կը ստանայ 777 հիւանդ։ Կատարուած 5160 քննութեան պատասխան եղած է բացասական։