Փետրուար 16-17-ին Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան կ'այցելէ Գերմանիա, մասնակցելու Միւնէխի անվտանգութեան համաժողովին: ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախատեսուած է նախարար Նալպանտեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ։
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը պիտի ունենայ շարք մը երկկողմ հանդիպումներ։