image

Հայաստան Ազգային Նոր Օդանաւային Ընկերութիւն Պիտի Ունենայ

Հայաստան Ազգային Նոր Օդանաւային Ընկերութիւն Պիտի Ունենայ

Sputnik Armenia առցանց թերթը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի օդանաւային շուկային մէջ ապրիլին պիտի յայտնուի նոր ազգային փոխադրող` Armenia օդանաւային ընկերութիւնը, որ ճամբորդներուն մատչելի գիներով տոմսեր պիտի առաջարկէ: Armenia օդանաւային ընկերութիւնը 49 տոլարի թռիչքներ պիտի ապահովէ Երեւանէն Եւրոպա, ԱՊՀ-ի երկիրներ, մասամբ` Ասիոյ երկիրներ: Այդ մասին յայտնած է ընկերութեան բաժնետէրերէն` Թամազ Կայաշվիլի: Նման գինով պիտի կարենան թռչիլ անոնք, որոնք նախապէս՝ մէկ կամ երկու ամիս առաջ, տոմսեր պիտի պատուիրեն, նշած է ան եւ աւելցուցած, որ հայկական ազգային օդանաւային ընկերութեան առաջին թռիչքը տեղի պիտի ունենայ ապրիլի երկրորդ կիսուն: Կայաշվիլի հերքած է այն լուրերը, ըստ որոնց՝ նոր ընկերութեան բաժնետէրերէն մէկը պիտի դառնայ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան։ Ան աւելցուցած է, որ ոչ ոք, յատկապէս Հայաստանի ղեկավարութիւնը, կապուած է ընկերութեան հետ: Ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռոպերտ Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ առաջին թռիչքը պիտի կատարուի Boeing 737-700 օդանաւով: Ընկերութեան անձնակազմը կազմուած պիտի ըլլայ 350 հոգիէ, որոնց շարքին պիտի ըլլան վրացական Airzena օդանաւային ընկերութեան քանի մը աշխատող, իսկ մնացեալին ընտրութիւնը պիտի կատարուի տեղւոյն մասնագէտներէն: Ռոպերտ Յովհաննիսեան եղած է վրացական Georgian Airways ընկերութեան տնօրէնի պաշտօնակատար, իսկ Թամազ Կայաշվիլի Georgian Airways-ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահն է: 2013ին, Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատեց օդային փոխադրումներու ոլորտի փուլային ազատականացման ռազմավարութիւնը, երբ Հայաստանի ազգային օդանաւային «Արմաւիա» ընկերութիւնը որոշում կայացուց 2013 ապրիլ մէկէն թռիչքներու դադրեցման եւ սնանկացման գործընթաց սկսելու մասին: ՀՀ կառավարութիւնը քաղաքացիական օդագնացութեան ոլորտին մէջ որդեգրած է «բաց երկինք»ի քաղաքականութիւնը, որ կ՚ենթադրէ պետութեան միջամտութեան նուազեցում՝ օդանաւային ընկերութիւններու առեւտրային գործունէութեան: