image

Հայամէտ թուրք իրաւապաշտպանը ազատ արձակուեցաւ

Հայամէտ թուրք իրաւապաշտպանը ազատ արձակուեցաւ

Թուրքիոյ մէջ քրտական PKK-ի քարոզչութիւնը կատարելու մեղադրանքով արգելափակուած «Էօզկիւր Կիւնտէմ» պարբերականի նախկին խմբաւգիր  Էրէն Քէսքին  ազատ արձակուած է: Դատարանը որոշում կայացուցած է   վերջինիս ազատ արձակումը,  պայմանաւ, որ ան   երկրէն հեռանալու  իրաւունք չունենայ:  Քէսքին, որ կը մեղադրուէր հակապետական քարոզչութիւն   ընելու  եւ   PKK-ին    սատարելու մէջ, բանտէն ելլելուն պէս անընդունելի համարած է  ոստիկանութեան արարքները, որ  զինք   բռնի  միջոցներով բերման ենթարկած էր, առանց հաշուի առնելու վերջինիս պարագաները եւ  տան մէջ հիւանդ մայր ունենալու փաստը: Ան   նաեւ ըսած է, որ   իրենք  միշտ ալ  քննադատած են «խորքային   պետութիւն»ը, որ այսօր   դատապարտման  կ'ենթարկուի ամբողջ երկրին մէջ: