Թուրքիոյ մէջ քրտական PKK-ի քարոզչութիւնը կատարելու մեղադրանքով արգելափակուած «Էօզկիւր Կիւնտէմ» պարբերականի նախկին խմբաւգիր Էրէն Քէսքին ազատ արձակուած է: Դատարանը որոշում կայացուցած է վերջինիս ազատ արձակումը, պայմանաւ, որ ան երկրէն հեռանալու իրաւունք չունենայ: Քէսքին, որ կը մեղադրուէր հակապետական քարոզչութիւն ընելու եւ PKK-ին սատարելու մէջ, բանտէն ելլելուն պէս անընդունելի համարած է ոստիկանութեան արարքները, որ զինք բռնի միջոցներով բերման ենթարկած էր, առանց հաշուի առնելու վերջինիս պարագաները եւ տան մէջ հիւանդ մայր ունենալու փաստը: Ան նաեւ ըսած է, որ իրենք միշտ ալ քննադատած են «խորքային պետութիւն»ը, որ այսօր դատապարտման կ'ենթարկուի ամբողջ երկրին մէջ: