image

Մարալ Նաճարեան ազատ արձակուեցաւ

Մարալ Նաճարեան  ազատ արձակուեցաւ

Լիբանանահայ  հասարակական գործիչ Յակոբ Հաւաթեանի էջէն կը  կարդանք՝

 

 

«Ազրպէյճանական բանակին կողմէ գերեվարուած լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան՝ Միջազգային կարմիր խաչին եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետապնդումներուն եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ ազատ արձակուեցաւ եւ արդէն իսկ կը գտնուի Լիբանան։

Երկար ատենէ ի վեր Ազրպէյճանի մէջ գտնուող Մարալ Նաճարեան, որ արցախեան վերջին պատերազմէն օրեր ետք գերի ինկած էր, արդէն իսկ կը գտնուի Լիբանանի իր բնակարանը, ուր շրջապատուած է ՀՅԴ-ի շրջանի պատասխանատու ընկերներուն կողմէ»։