image

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Եւ Հայոց Պետականութիւնը» Խորագիրով Երկօրեայ Գիտաժողով Երեւանի Մէջ

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Եւ Հայոց Պետականութիւնը» Խորագիրով Երկօրեայ Գիտաժողով  Երեւանի Մէջ

 9 դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ սկսաւ «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ հայոց պետականութիւնը»  խորագիրով երկօրեայ գիտաժողովը, որ նուիրուած է կուսակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին:Գիտաժողովին ընթացքին կուսակցական գործիչներ եւ պատմաբաններ պիտի ներկայացնեն կուսակցութեան գործունէութեան 125 տարիներու պատմութիւնը:Ողջունելով գիտաժողովին մասնակիցները` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ զոյգ հանրապետութիւններու հիմնադիր քաղաքական ուժը` Դաշնակցութիւնը, յաճախ տարբեր արժեւորումներ կը ստանայ, բայց պատմական փաստերը անհերքելի են եւ անոնք լուսարձակի տակ կ՛առնուին նման առիթներու յատկապէս: Ան նաեւ շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը հատուածականութեան թիւ մէկ հակառակորդը եղած է հայ իրականութեան մէջ եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ իր անուանումն ու գոյութեան փաստը հատուածականութեան հերքումն են 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան այս առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան ու քաղաքական ուղիին: Անոր համաձայն, իրենք չէ, որ պիտի ըսեն, թէ Դաշնակցութիւնը ի՛նչ դեր ունեցած է, իւրաքանչիւրը պէտք է ընտրէ, թէ ի՛նչ ազդեցութիւն ձգած է Դաշնակցութիւնը իր վրայ:

«Մենք չենք կրնար ըսել, որ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ կարելիութիւնները կ՛օգտագործէ: Մենք կ՛ապրինք այնպիսի  ժամանակաշրջանի, հասարակութեան մը մէջ, որ վերափոխուելու, գիտակցութեան բարձրացման, կազմակերպուելու լրջագոյն խնդիր ունի` գումարած մեր միւս խնդիրները, որոնք կը խանգարեն մեր կուսակցութիւնը` արտագաղթ, մարդոց ընկերային շատ ցածր մակարդակ, միջին խաւի գրեթէ բացակայութիւն: Այս հարցերը այնպիսի իրողութիւններ են, որոնք կարելիութիւն չեն տար լաւագոյնս դրսեւորուելու», յայտնեց Վարդանեան:Դաշնակցութեան 125-ամեայ երթին մասին խօսեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Լեւոն Մկրտչեան: «Դաշնակցութեան 125-ամեայ պատմութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան անքակտելի մասն է: Իբրեւ պատասխանատու կուսակցութիւն` մեր ժողովուրդի վերջին 100-150 տարուան պատմութեան բոլոր դրուագներուն մէջ Դաշնակցութեան դերն ու ձեռագիրը կայ: Տակաւին  1918-20 թուականներուն էր, որ մենք ընտրեցինք եւրոպական պետականաշինութեան ձեւաչափը` խորհրդարանական հանրապետութիւնը: Տակաւին 1990-ականներուն սկիզբը մենք հանդէս եկանք նախագծով մը, ուր ամրագրուած էր խորհրդարանական ընտրական համակարգը», ըսաւ ան:Անդրադառնալով Դաշնակցութեան պատմութեան լաւ եւ վատ էջերուն` Մկրտչեան ընդգծեց, որ ինչպէս մարդու կեանքին մէջ կարելի չէ ըսել ի՛նչ է ամէնէն լաւն ու վատը, նոյնն է պարագան կուսակցութեան կեանքին: «Դաշնակցութիւնը ձեւաւորուեցաւ այն պահուն, երբ հրապարակուած էր հայ ժողովուրդին մահապատիժը: Սուլթան Համիտի ժամանակ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ Դաշնակցութիւնը փորձ կատարեց եւ կրցաւ ղեկավարել մահուան դատապարտուած ժողովուրդի մը  յուսահատ պայքարը»,  նշեց Լեւոն Մկրտչեան: Նիւթի աղբիւրը ՝ «Ազդակ»