image

Հարիւրաւոր իսրայէլացիներ Լիբանան կ'այցելեն. «Հաարէթց»

Հարիւրաւոր իսրայէլացիներ Լիբանան կ'այցելեն. «Հաարէթց»

Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթի էջերուն լոյս տեսած է գրող Ժագ Խուրիի «Յորդանանի ճամբով եւ պաղեստինեան անձնագիրներով հարիւրաւոր իսրայէլցիներ որպէս զբօսաշրջիկ Լիբանան կը մեկնին» խորագիրը կրող յօդուածը, որուն միջոցով գրողը նոր տեղեկութիւններ   կը հաղորդէ  վերջերս      Լիբանան այցելող  Իսրայէլի   քաղաքացիներուն կը բերէ:


Ըստ յօդուածագիրին, Գալիլիոյ քրիստոնեայ կղերականներ մէկ շաբաթեայ պտոյտներ կը կազմակերպեն դէպի Լիբանանի սրբավայրեր, որոնց մաս կը կազմեն տարբեր տարիքի, մինչեւ 50 հոգիէ բաղկացած  խումբեր:


Պտոյտներու կազմակերպիոչները թերթին յայտնած են, որ իրենց կազմակերպած շրջագայութիւնները զուտ կրօնական նշանակութիւն ունին. «Անոնք գետնի տակ իրականացուող շրջագայութիւններ չեն, այլ շատ կազմակերպուած  պտոյտներ, սակայն նկատի ունենալով անոր խնդրայարոյց ըլլալը, կը փորձենք լուսարձակներէ հեռու պահել այն: Ինչպէս իսլամներ Մեքքա կ'այցելեն, այնպէս ալ մենք Լիբանանի սրբավայրեր կը մեկնինք»:


Յօդուածագիրին համաձայն, երբ 2014 թուականին Հռոմի պապը Իսրայէլ այցելեց, անոր հետ ժամանեց նաեւ Մարոնիթ պատրիարքը, որ անտեսելով բոլոր քննադատութիւնները հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի քրիստոնեայ համայնքներուն հետ, ապա նաեւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ, ու վերջինիս առաջարկեց իր նախագիծը, ըստ որուն իսրայէլացի քրիստոնեաներուն Լիբանանի սրբավայրեր այցելելու հնարաւորութիւն պիտի տրուէր: Այդ օրուընէ Լիբանանի քրիստոնեայ եկեղեցիներն սկսան այդ նախագծի  իրականացման ուղղութեամբ աշխատիլ:


Շրջագայութեան մասնակիցներէն մէկը թերթին պատմած է, թէ Լիբանան այցելելու նպատակը զուտ կրօնական է, եւ այցելուներուն շատ կարճ՝ երկու կամ երեք ժամ կը տրուի Լիբանանի շուկաներն այցելելու: Աւելի մանրամասն պատմելով նշած է, որ Լիբանան այցելել ցանկացողներ նախ իրենց անունները կ'արձանագրեն եկեղեցւոյ մօտ, այնուհետեւ անոնց անունները կը տրամադրուի շրջագայութիւնը կազմակերպող ընկերութեան, որ անոնց համար պաղեստինեան միանգամեայ այցելութեան անձնագիրներ ստանալու նպատակով կը դիմէ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարարութիւն: Խումբը կղերականներու ուղեկցութեամբ նախ կը մեկնի Յորդանան, ուր իսրայէլեան անձնագիրները կը կնքուին մուտքի կնիքով, Ամմանի մէջ երկու օր կը գիշերեն, որոնց ընթացքին Յորդանանի իրաւասու մարմինները կը հաստատեն պաղեստինեան անձնագիրները, որոնցմով խումբը կը հատէ Լիբանանի սահմանը:


Ինչ կը վերաբերի այցելութիւններու ցուցակին, խումբը նախ եւ առաջ կ'այցելէ Հարիսա, այնուհետեւ Անայայի մէջ գտնուող Սուրբ  Շարպէլի դամբարան-տաճարը, ուր շարունակաբար հրաշքներ կը կատարուին ու աշխարհի չորս ծագերէն մարդիկ կու գան այցելելու այն: Այցելուները կը շրջին նաեւ Լիբանանի այլ տեսարժան վայրերն ու քաղաքները:


Այցելուներէն մէկը նշած է նաեւ, որ մինչեւ Լիբանան մեկնիլը շրջագայութեան մասնակիցներուն կը տրամադրուի շրջագայութեան յայտագիրը, ինչպէս նաեւ հրահանգներու ցուցակը, ուր կը շեշտուի, որ Լիբանան հանսելէ ետք անոնք իրաւունք չունին ինգնագլուխ գործելու եւ առանց արտօնութեան որեւէ վայր այցելելու:

Ըստ թերթի փոխանցած տեղեկութիւններուն, այցելութեան սակը իւրաքանչիւր անձի համար 1800 ԱՄՆ տոլար է կը կազմէ: