image
Հրատապ լուրեր:

«Կը խնդրեմ, որ ձեր կառավարութեան պահանջ ներկայացնէք» Թանքեանը Իսրայէլացիներուն կոչ ըրած է անօդաչու սարքերու թեմայով

«Կը խնդրեմ, որ ձեր կառավարութեան պահանջ ներկայացնէք» Թանքեանը  Իսրայէլացիներուն կոչ ըրած է անօդաչու սարքերու թեմայով

«System of a down» խումբի մենակատար՝ Սերժ Թանքեան անդրադարձած է Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին։ Ռոք երաժիշտը նոր գրառում կատարած է, որով դիմած է Իսրայէլի ժողովուրդին։ Ան գրած է․

«Իսրայէլի ժողովուրդ։

Կը խնդրեմ, որ ըսէք ձեր կառավարութեան, որ դադրեցնէ Էրտողան-Ալիեւ ցեղասպան զոյգին անօդաչու թռչող սարքերու մատակարարումը։ Այդ անօդաչուները կը ռմբակոծեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքացիական քաղաքները։ Դուք տեսած էք լուսանկարները։ Դուք գիտէք, թէ որոնք են մեր թշնամիները»։