Հալէպի մէջ այսօր զոհուած է 12 տարեկան Արման Հինտոյեանը: «Արեւելք»ին այս մասին յայտնեց լրագրող Յովիկ Շէհիրեան: Շէհիրեան նաեւ նշեց, որ Արման զոհուած է եւ անոր մայրը՝ Պէթի եւ քոյրը՝ Միրէյ վիրաւորուած են Հալէպի Վիլլաներ շրջանին մէջ եղող իրենց վաճառատան մօտ: Կը նշուի նաեւ, որ անոնց վաճառատունը մօտ է «Սպիտակ» ակումբին:Սուրիական պատերազմի շղթայազերծումէն ի վեր Հալէպն ու հալէպահայութիւնը կ'ապրին ծանրագոյն օրերէն մին: