image

Հալէպի մէջ զոհուածները հողին յանձնուեցան

Հալէպի մէջ զոհուածները հողին յանձնուեցան

Այսօր Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հալէպահայ զոհերու յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:

Առաւօտեան ժամը 11:00-ին տեղի ունեցած էր 24-ամեայ Ծիլա Ճապաղջուրեանի թաղման արարողութիւնը, ժամը 12:00-ին 1966-ի ծնունդ Յասմիկ Կիրակոսեան-Պէրէճիքլեանի յուղարկաւորութիւնը, իսկ աւելի ուշ՝ կէսօրուան ժամը 1:00-ին, դարձեալ Ս. Աստուածածին եկեղեցուոյ մէջ, տեղի ունեցաւ 1995-ի ծնունդ Միրէյի եւ 2003-ի ծնունդ Արման Հինտոյեաններուն յուղարկաւորութիւնը:

Նշենք, որ հայր ու որդի Եագուպ եւ Բիեռ Հարիրօներու թաղման արարողութիւնը եղած է Քլտանիներու եկեղեցւոյ մէջ: