Այսօր Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հալէպահայ զոհերու յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:
Առաւօտեան ժամը 11:00-ին տեղի ունեցած էր 24-ամեայ Ծիլա Ճապաղջուրեանի թաղման արարողութիւնը, ժամը 12:00-ին 1966-ի ծնունդ Յասմիկ Կիրակոսեան-Պէրէճիքլեանի յուղարկաւորութիւնը, իսկ աւելի ուշ՝ կէսօրուան ժամը 1:00-ին, դարձեալ Ս. Աստուածածին եկեղեցուոյ մէջ, տեղի ունեցաւ 1995-ի ծնունդ Միրէյի եւ 2003-ի ծնունդ Արման Հինտոյեաններուն յուղարկաւորութիւնը:
Նշենք, որ հայր ու որդի Եագուպ եւ Բիեռ Հարիրօներու թաղման արարողութիւնը եղած է Քլտանիներու եկեղեցւոյ մէջ: