image

Հալէպի մէջ զոհուած զինուորի եղբօր ՝ Ռէմոն Գորաճեանի սրտառուչ գրառումը

Հալէպի  մէջ զոհուած   զինուորի  եղբօր ՝ Ռէմոն Գորաճեանի  սրտառուչ  գրառումը

Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող  զինուոր Ռէմոն Գորաճեան  սրտառուչ  գրառում մը կատարած է իր  դիմատետրի  մէջին, որ  կու տանք ստորեւ:

 Յիշեցնենք,  որ Ռէմոն    աւագ եղբայրն է  Ժանօ  Գորաճեանի, որուն  մահուան  բօթը  «Արեւելք» տուած էր  երէկ:  Ժանօ   զոհուած էր   Հալէպի ծայրամասային հատուածներուն  մէջ  ընթացող   թէժ մարտերուն ընթացքին եւ  ան   բանակի  ծառայութեան միացած էր, միայն  ամիս մը առաջ:

 Ստորեւ  անոր եղբօր  Ռէմոն  Գորաճեանի  գրառումը:      

«Ամէն տարի տունէն մէկը կը հեռանայ:  Անցեալ տարի՝ ես,  այս տարի՝ եղբայրս՝ Ժանօն: Մի նեղուիր մայր իմ. Ճիշդ է, որ մենք քեզմէ հեռու ենք, բայց միեւնոյն ժամանակ մօտ ենք, որովհետեւ դեռ Սուրիոյ մէջ ենք, գաղթական չենք: Աստուած ուզէ տուն պիտի վերադառնանք, դարձեալ ուրախանանք եւ տօներ նշենք: Դուն միայն աղօթէ մեզի համար մայրիկ, բարեխօսէ եւ օրհնէ մեզի, եւ Աստուծոյ հրամանով, մենք պիտի վերադառնանք՝ ճակատնիս եւ մեր հայրենիքի ճակատը բարձր պահած Շնորհաւոր Սուրբ ծնունդ, բարի տարի թող ըլլայ բոլորին»:

Կը սիրեմ ձեզ պապա, մամա, ճորճ եւ Կապի.... Շնորհաւոր նոր տարի եւ Սուրբ ծնունդ նաեւ մեր երկրին եւ բոլորին»: