Երէկ երեկոյեան հրդեհ մը ծագած է Հալէպի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ Հալէպի մասին լուրեր տարածող դիմատետրի էջը: Աղբիւրը կը նշէ, որ հրդեհը ծագած է կազի արտահոսքին հետեւանքով եւ քաղաքի ԱԻՆ-ի մարմիններ հրշէջ մեքենաներու ճամբով յաջողած են մարել հրդեհը:
Հրդեհը եղած է Հալէպի Համատանիյի շրջանի «Վիլլաներ»թաղամասին սկիզբը եւ բարեբախտաբար արտակարգ պատահարին հետեւանքով զոհեր չեն գրանցուած:
![]()
![]()