image

Հալէպի մէջ հրդեհ. Տոյժեր չկան (Լուսանկարներ)

Հալէպի  մէջ հրդեհ.  Տոյժեր  չկան   (Լուսանկարներ)

Երէկ երեկոյեան հրդեհ մը ծագած է Հալէպի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ Հալէպի մասին լուրեր տարածող  դիմատետրի  էջը: Աղբիւրը  կը նշէ, որ հրդեհը ծագած է կազի արտահոսքին հետեւանքով եւ քաղաքի ԱԻՆ-ի մարմիններ  հրշէջ  մեքենաներու  ճամբով  յաջողած են մարել  հրդեհը:

Հրդեհը եղած է Հալէպի  Համատանիյի  շրջանի «Վիլլաներ»թաղամասին սկիզբը եւ բարեբախտաբար արտակարգ  պատահարին հետեւանքով զոհեր չեն գրանցուած: