Թուրքիոյ Կազի Այնթէպ նահանգին մէջ մեծ հրդեհի մը հետեւանքով զոհուած են 8 անձեր։
Այս մասին լուրը հաղորդեց Skynews Arabya կայանը։
Աղբիւրը նշեց, որ հրդեհը ծագած է Նահանգի «Սանքո» համալսարանի հիւանդանոցին այն բաժնին մէջ, որ յատկացուած է «Քովիտ-19» բուժում ստացող հիւանդներուն։
Մահացողներուն տարիքը կը տարուբերի 40-էն 80-ի միջեւ։