image

Հալէպի հայկական շրջանները ապահով են, բայց ամայի.Աղբիւր

Հալէպի հայկական շրջանները ապահով են, բայց ամայի.Աղբիւր

Հալէպի հայկական շրջանները ապահով են, բայց ամայի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր  աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, թէ  մասնաւորապէս  երէկ  գիշեր հայկական  թաղամասերու  մէջ   «հաուն» տիպի  հրթիռներ  ինկած են, եւ բարեբախտաբար   մարդկային զոհեր չեն   գրանցուած: Մեր աղբիւրին համաձայն, հայկական  թաղերուն մէջ կը տիրէ  զգուշաւոր    վիճակ մը եւ   բնակիչները    իրադրութեան  պատճառով  ապաստանած են իրենց  բնակարաններուն մէջ: Նշենք, որ երէկուընէ ի վեր  եւ մինչեւ այս պահը  Հալէպ զրկուած կը մնայ համացանցային կապի   միջոցներէ: Քաղաքին մէջ կը շարունակուին ջուրի եւ  ելեքդրականութեան   սուր տագնապները: Յիշեցնենք, որ անցնող  ժամերուն  ապահովական  դրութիւնը դարձեալ ծանրացած է Հալէպի յատկապէս  արեւմտեան  շրջաններուն մէջ: Ընդդիմադիր  զինեալներ   յայտարարած են, որ Հալէպի մէջ սկիզբ առած  ճակատամարտը  պիտի շարունակուի,  եւ անոնք   գրոհներ կատարած են յատկապէս «Տահիյաթ   ալ ասատ», «Ֆամիլի Հաուս» , «Ժամհիյաթ Ալ Զահրա»  եւ «Մաշրուհ 1070» շրջաններու ճակատներուն ուղղութեամբ: Անոնք զինուորագրած են աւելի քան   3000 զինեալներ եւ մարտերը մինչեւ այս  ժամը կը շարունակուին: «Արեւելք» այս մասին  գրած է այս առաւօտ՝   յղում ընելով  եւ «Ալ մայատին»   եւ RT կայաններուն: