Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի զինծառայողները կը շարունակեն կատարել կողմերու սահմանազատման գիծին հրադադարի ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւնը եւ Բերձորի միջանցքով երթեւեկութեան, սննդամթերքի եւ տարբեր ապրանքներու տեղափոխման անվտանգութեան ապահովման խնդիրներ: Այդ մասին յայտնած է ՌԴ ՊՆ-ն
Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի դիտակէտերու անձնակազմը պարբերաբար մարտական պատրաստութեան գործողութիւններ եւ վարժանքներ իրականացուցած է խախտումները, ինչպէս նաեւ դիտակէտի վրայ հնարաւոր յարձակումը կանխելու սենարով:
«Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախմբի բոլոր դիտակէտերը յագեցած են «Ստուգակէտ» ամրութիւններով, որոնք նախատեսուած են զինծառայողներուն փոքր զէնքերէ եւ բեկորներէ պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ յարակից տարածքի բազմակողմանի դիտարկումներ իրականացնելու համար»,-յայտնած է ՌԴ ՊՆ-ն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել