Սուրիա- Հալէպէն դէպի Պէյրութ ուղղուող երկու հայորդիները ազատ արձակուած են: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրներէն: Աղբիւրը նշեց նաեւ, որ հայր եւ որդի Չափարեաններ ազատ արձակուած են եւ անոնք կը գտնուին ապահով վայր մը: Նշենք, որ Չափարեանները առեւանգուած էին, դէպի Պէյրութ մեկնելու պահուն: Առեւանգումը տեղի ունեցած էր 22 Սեպտեմբեր 2015-ին: Կը մնանք հետեւող Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի իրադարձութիւններուն: