image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Երկու Առեւանգեալ Հայորդիները Ազատ Արձակուեցան

Հալէպ. Երկու Առեւանգեալ Հայորդիները  Ազատ Արձակուեցան

 Սուրիա-   Հալէպէն դէպի Պէյրութ ուղղուող    երկու  հայորդիները ազատ արձակուած են: Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի  իր  աղբիւրներէն: Աղբիւրը նշեց նաեւ, որ հայր եւ որդի Չափարեաններ    ազատ արձակուած են եւ անոնք կը գտնուին ապահով  վայր մը:  Նշենք, որ  Չափարեանները առեւանգուած էին, դէպի  Պէյրութ   մեկնելու պահուն:  Առեւանգումը  տեղի ունեցած էր    22 Սեպտեմբեր  2015-ին: Կը մնանք  հետեւող Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս  Հալէպի իրադարձութիւններուն: