image

Հալէպ. Բանակցութիւններ հրադադարի շուրջ

Հալէպ. Բանակցութիւններ հրադադարի շուրջ

Հալէպի մէջ մշտական հրադադար յայտարարելու վերաբերեալ բանակցութիւններ կը տարուին: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ ռուսական կողմը կայուն եւ մշտական հրադադար յայտարարելու վերաբերեալ գլխաւոր նախապայման դրած է քաղաքի արեւելեան շրջաններէն «Ալ Նուսրա» ճակատի զինեալներու հեռացումը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ յառաջիկայ հինգշբաթի օր ռուսական կողմը մարդասիրական նպատակներով 8 ժամուան համար հրադարար պիտի յայտարարէ: Նշենք, որ նախքան Մոսկուայի առաջարկը ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցերով յատուկ բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրան եւս կոչ ըրած էր «Ալ Նուսրա» ճակատի զինեալներուն հեռանալ Հալէպի արեւելեան շրջաններէն: Ինչ կը վերաբերի Հալէպի հայկական թաղամասերուն եւ ըստ «Արեւելք»ի աղբիւրին, երէկ ծանր գիշեր մը եղած է յատկապէս «Պուսթան ալ փաշա» շրջանին մերձ եղող թաղերուն մէջ: Ամբողջ գիշեր լսուած են պայթումի ձայներ, եւ բնակիչները յայտնուած են ահ ու սարսափի մթնոլորտի մը մէջ: Հայկական թաղամասերուն վրայ հրթիռներ չեն ինկած, բայց իրավիճակը եղած է լարուած: Այս առաւօտ հանդարտ իրավիճակ կը տիրէ Հալէպի մէջ,  եւ հայկական դպրոցները բնականոն հունով կը գործեն: