Գերմանիոյ Գոլոնիա քաղաքին մէջ տեղի իշխանութիւնները մեծ մտավախութիւններ կ'ապրին, ի տես Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանի համակիրներուն ցուցաբերած աշխուժութեան: Նշենք, որ այսօր նշեալ քաղաքի դատարանը արգիլած է Էրտողանին զօրակցութեան հաւաքի մը ընթացքին վերջինիս պատգամին հեռասփռումը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ցոյցին պիտի մասնակցէր շուրջ 30 հազար թուրք արմատներով գերմանացի, մինչ մինչեւ 3 հազար ոստիկաններ ստանձնած են շրջանի ապահովութիւնը: Գերմանական հակաթուրք կազամկերպութիւն մը իր կարգին յայտնած է, որ իրենք պիտի փորձեն ամէն գնով խափանել Էրտողանի համակիրներուն քայլերը: Գոլոնիա քաղաքի ապահովական մէկ պատասխանատուն խօսելով BBC կայանին իր մտավախութիւնը փոխանցած է, որ երկու հակադիր կողմերուն միչեւ կրնան թէժ բախումներ գրանցուիլ: