image

Գոլոնիա քաղաքի մէկ դատարանը կ'արգիլէ Էրտողանի պատգամին հեռասփռումը

Գոլոնիա  քաղաքի   մէկ դատարանը  կ'արգիլէ Էրտողանի  պատգամին   հեռասփռումը

Գերմանիոյ Գոլոնիա քաղաքին մէջ տեղի իշխանութիւնները  մեծ մտավախութիւններ կ'ապրին, ի տես  Թուրքիոյ նախագահ  Թայէպ Էրտողանի     համակիրներուն  ցուցաբերած  աշխուժութեան: Նշենք, որ այսօր     նշեալ քաղաքի դատարանը արգիլած է  Էրտողանին     զօրակցութեան  հաւաքի մը  ընթացքին  վերջինիս պատգամին   հեռասփռումը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ցոյցին պիտի մասնակցէր շուրջ 30  հազար թուրք արմատներով  գերմանացի, մինչ      մինչեւ 3  հազար ոստիկաններ ստանձնած են շրջանի  ապահովութիւնը:   Գերմանական    հակաթուրք   կազամկերպութիւն մը իր կարգին յայտնած է, որ  իրենք  պիտի փորձեն ամէն գնով խափանել  Էրտողանի  համակիրներուն քայլերը:   Գոլոնիա   քաղաքի    ապահովական մէկ պատասխանատուն         խօսելով  BBC  կայանին իր մտավախութիւնը  փոխանցած է, որ երկու հակադիր կողմերուն միչեւ կրնան թէժ բախումներ  գրանցուիլ: