image

Գիւմրիի մէջ թունաւորման դէպք. 46 հոգի հիւանդանոց փոխադրուած է

Գիւմրիի  մէջ թունաւորման դէպք. 46  հոգի հիւանդանոց փոխադրուած է

Գիւմրիի ճաշարանին մէջ կազմակերպուած միջոցառումէ մը  յետոյ 31 Օգոստոսին, հիւանդանոց փոխադրուած են 46 քաղաքացիներ (9-ը` մինչեւ 18 տարեկան), որոնցմէ 43-ը  բուժում ստանալէն յետոյ վերադարձած են տուն։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ ՝Ալինա Նիկողոսեանը:

«Ներկայիս հիւանդանոցն է 3 քաղաքացի։ Նոր հիւանդներ չեն դիմած։ Իրավիճակը վերահսկելի է»,- յայտնած է ան։

Աւելի վաղ ՀՀ ԱԻՆ-էն յայտնած էին, որ 30 Օգոստոսին ժամը 21:32-ին, «911» ծառայութիւն տեղեկութիւն հաղորդուած է, որ Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքի Շիրակացի փողոցի թիւ 16/1 հասցեին վրայ գտնուող «Դուին» հանդիսութիւններու սրահին մէջ հանդիսականներու ինքնազգացողութիւնը վատացած  է. անհրաժեշտ է օգնութիւն: Դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան անդամներ։