Ռուսական Տուլա քաղաքին մէջ գրանցուած ծանր պատահարը կը շարունակէ յուզել հայրենի հասարակութիւնը: Լրատուական աղբիւրներ կը գրեն, որ փոխադրակառքի վարորդ պարագաները համաձայն են, որ ան ծանրագոյն պատիժի ենթարկուի, եթէ յետ փորձաքննութեան փաստուի, թէ ան մեղաւոր է եղած արկածին առընթեր: Նշենք, որ ըստ News.am –ին Գառնիկ Յարութիւնեանի դէմ Հայաստանի մէջ յարուցուած է քրէական գործ` կառքը վարելու ատեն քնացած ըլլալու մեղադրանքով, մինչ անոր հարազատները կը պնդեն, որ ան ոչ քնացած եղած է եւ ոչ ալ` հեռախօսով խօսելով զբաղուած: Յիշեցնենք, որ Տուլայի մէջ տեղի ունեցած արկածին հետեւանքով զոհուած էին ՀՀ 8 քաղաքացիներ իսկ 9-րդ զոհը աւելի ուշ մահացած էր հիւանդանոցին մէջ: