image

Գառնիկ Յարութիւնեանի Հարազատները Դէմ Չեն, Որ Ան Պատժուի

Գառնիկ Յարութիւնեանի Հարազատները Դէմ Չեն, Որ Ան Պատժուի

 Ռուսական  Տուլա  քաղաքին մէջ գրանցուած ծանր  պատահարը կը շարունակէ յուզել հայրենի հասարակութիւնը: Լրատուական աղբիւրներ կը գրեն, որ  փոխադրակառքի վարորդ    պարագաները  համաձայն են, որ ան ծանրագոյն   պատիժի ենթարկուի,  եթէ յետ փորձաքննութեան  փաստուի, թէ ան մեղաւոր է   եղած արկածին առընթեր: Նշենք, որ ըստ  News.am –ին    Գառնիկ  Յարութիւնեանի դէմ Հայաստանի մէջ  յարուցուած է քրէական գործ`    կառքը վարելու ատեն քնացած ըլլալու մեղադրանքով, մինչ անոր հարազատները կը պնդեն, որ ան  ոչ  քնացած եղած է եւ ոչ  ալ`  հեռախօսով խօսելով զբաղուած:   Յիշեցնենք, որ Տուլայի մէջ  տեղի ունեցած   արկածին հետեւանքով զոհուած էին  ՀՀ   8 քաղաքացիներ  իսկ 9-րդ զոհը   աւելի ուշ   մահացած էր հիւանդանոցին մէջ: