image

Զաւէն Խանճեան ընդունուեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ

Զաւէն Խանճեան ընդունուեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 25 մայիսին ընդունած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը՝ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի գլխաւորութեամբ:

Զրուցակիցները քննարկած են կազմակերպութեան կողմէ Արցախի մէջ տարբեր բարեգործական ծրագրերու իրականացման եւ Արցախ-Սփիւռք կապերու խորացման վերաբերող հարցեր:

 

Արայիկ Յարութիւնեանը կարեւորած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան աջակցութիւնը Արցախին՝ յոյս յայտնելով, որ կազմակերպութիւնը այսուհետ եւս նոյն եռանդով պիտի շարունակէ իր հայրենանուէր գործունէութիւնը Արցախի մէջ: