image

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նոր նախագահը կը ստանձնէ իր պաշտօնը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նոր նախագահը կը ստանձնէ իր պաշտօնը

3 Մայիս 2017-ին Իզապէլ Մոթա իր նոր պաշտօնը ստանձնեց իբրեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»հիմնարկութեան նախագահ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար, յաջորդելով Արթուր ՍանթոսՍիլվային, որ այդ պաշտօնը վարած էր 2012-2017 ժամանակաշրջանին։Տիկին Իզապէլ Մոթա՝ հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմնի անդամ է 1999-էն ի վեր. նախագահընտրուեցաւ միաձայնութեամբ անցեալ 7 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած լիագումար ժողովին։

 Մոթա ծնած է Լիզպոն, 1951 ին, եւ Լիզպոնի համալսարանի շրջանաւարտ է՝ տնտեսագէտիմասնագիտութեամբ։ 1973-էն ի վեր աշխատանքային ընդարձակ փորձառութիւն ունեցած է՝ պետական,համալսարանական եւ այլ կալուածներու մէջ ղեկավար դիրքեր վարելով։ Անոնց շարքին պէտք է յիշել,թէ 1978-1986-ին Ելեւմտից նախարարութեան արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ընդհանուրփոխտնօրէն եղած է, իսկ 1987-1995-ին՝ Շրջանային Ծրագրաւորման եւ Զարգացման պետականքարտուղար, պատասխանատու ըլլալով Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններու ի նպաստՓորթուկալի զարգացման ծրագիրներուն: