image

Ֆետերիքա Մոկերինին Անտրէա Վիքթորինին առաջադրած է որպէս Հայաստանի մէջ ԵՄ նոր դեսպան

Ֆետերիքա Մոկերինին Անտրէա Վիքթորինին առաջադրած է որպէս Հայաստանի մէջ ԵՄ նոր դեսպան

Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ ֆետերիքա Մոկերինին Անտրէա Վիքթորինին առաջադրած է որպէս Հայաստանի մէջ Եւրոմիանութեան նոր դեսպան:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ ԵՄ պաշտօնական կայքը:

ՀՀ  նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ դեսպանի հաւատարմագիրները ընդունելէ ետք ան պիտի փոխարինէ Հայաստանի մէջ ԵՄ դեսպան Փէօթր Սվիտալսքին: