image

FARC Կը դատապարտէ թրքական բանակին գործողութիւնները

FARC   Կը դատապարտէ   թրքական բանակին  գործողութիւնները

Գոլոմպիոյ  «Յեղափոխական   զինուած ուժեր»ը  (FARC)     յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով խստօրէն դատապարտած է թրքական բանակին ներխուժումը՝ սուրիական հողեր:   Համացանցի   ճամբով    տարածուած  հաղորդագրութեան մէջ   FARC   կոչ ուղղած է  «աշխարհի բոլոր ժողովրդավարական ուժերուն»  զօրավիգ կանգնիլ քիւրտերուն  եւ օգնութեան  ձեռք երկարել անոնց:       Վէնէզուելական  «Զինուած ուժեր»ը նաեւ յայտարարած են, որ Քոպանիի   (Արաբունար)  քիւրտերը   երեւելի յաղթանակ  տարած են Տահէշ  ահաբեկչական խմբաւորման դէմ եւ  պէտք է ամէն գնով զօրավիգ կանգնիլ անոնց: Նշենք, որ թրքական բանակը   անցնող 24    օգոստոսին   մուտք գործած էր Ճարապլուս: Մինչ Անգարա   յայտարարած էր, որ իր հիմնական  թիրախը    Տահէշ  խմբաւորումն է,  անդին   քրտական   տարբեր աղբիւրներ  դէպքերը մեկնաբանած էին,  որպէս   շրջանի քիւրտերուն դէմ ուղղուած  բացայայտ    զինուորական  միջամտութիւն:   Նշենք, որ  թրքական կողմը նպատակ ունի     քարային   պատնէշ մը կառուցելով Քոպանին բաժնել  թրքական    շրջաններէն: