Ֆալուժա- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Սէուտական Արաբիոյ գիտնականներու յանձնաժողովը եւ իսլամական ու արաբական համայնքը շտապած են իրենց ուժերը համատեղել, փրկելու համար Իրաքեան Ֆալուժա քաղաքի հազարաւոր բնակիչները, «որոնց կը սպառնայ սովամահ ըլլալու վտանգը, ապրելով մարդկային ծանր ողբերգութիւն մը»: Այս մասին կը հաղորդէ «Շարք ալ-Աուսաթ», նշելով, որ երէկ Ռիատի մէջ անդրադառնալով այս հարցին, յանձնաժողովի ընդհանուր քարտուղարութիւնը յայտարարած է, թէ մինչ հարկաւոր է ոչնչացնել «Տահէշ»ը եւ վերացնել, սակայն կարելի չէ երես դարձնել Ֆալուժայի բնակիչներու ողբերգութեան, նշելով, որ «իսլամը կը մնայ իսլամին եղբայրը, բոլոր հանգամանքներու տակ»: Աղբիւրի համաձայն Ֆալուժայի բնակիչներու առջեւ սովի դէմ պայքարելու եւ իրենց ողբերգութեան վերջ տալու համար՝ անձնասպանութենէ եւ թոյն խմելէ բացի այլընտրանք չէ մնացած: Ֆալուժայի ներսէն բնակիչի մը հետ կապ հաստատելով «Շարք Ալ-Աուսաթ» տեղեկացած է, որ «տագնապային պայմանները որ կ'ապրի Ֆալուժայի բնակիչները, երթալով աւելի կը վատթարանան, յատկապէս անվտանգութեան ուժերու կողմէ քաղաքին վրայ եղած շրջափակումէն ետք, որմէ միայն բանկիչներն են որ կը տուժեն, մինչ «Տահէշ»ին անծանօթ կերպով միշտ ալ պարէն կը հասնի»: Այլ բնակիչներ հաստատած են, որ իրենք օրական մէկ ժում սնունդ ստանալու համար ստիպուած եղած են դիմել անասունի կերին, իսկ ջուրը հասանելի կըլլայ միայն երկուշաբթի օրերը, մէկ ժամով, «անձնասպանութեան դէպքերը բնական եղան, ամէն օր Ֆալուժայի մէջ կը հանդիպինք նման դէպքի» ըսած է բնակիչը, աւելցնելով, որ «Ֆալուժան սովացնելը դիտաւորեալ է, կառավարութիւնը եւ դաշնութեան ուժերը զանգուածային պատիժ կը գործադրեն քաղաքին վրայ, իրենց յարձակումները դիմադրելուն համար»: