2008 թուականի մարտի 1-էն 2-ն ինկած ժամանակահատուածին Երեւան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործով նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան հիման վրայ 2018 թուականի 26 յուլիսին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով այն բանի համար, որ ան այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Յատուկ Քննչական Ծառայութենէն :
Քննիչի կողմէն միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան` Եուրի Խաչատուրովի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար:
Յիշեցնենք, որ 2008 թուականի մարտի 1-էն 2-ն ինկած ժամանակահատուածին Երեւան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործով նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան հիման վրայ, 26 յուլիս 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնաթող Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին եւս մեղադրանք առաջադրուած է, այն բանի համար, որ ան այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը:
Նույն օրը միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան` Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար: