Լիբանանի նախագահ զօր. Մէշէլ Աունի հազարաւոր հետեւորդներ այսօր Պաապտայի պալատ բարձրացան: Ցուցարարները այս քայլով ուզեցին իրենց նեցուկը յայտնել երկրի նախագահին։
Նշենք, որ հաւաքի ընթացքին նախագահական պալատին մէջ գտնուող Աուն կարճ խօսք մը արտասանեց եւ յայտարարեց, որ երկրին մէջ առկայ կաշառակերութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարելու համար կարիք կայ բոլոր լիբանանցիներու համագործակցութեան։
Աուն մասնաւորապէս ըսաւ. «Դուք այստեղ եկաք, ինծի ըսելու որ իմ հետն էք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ, որ ես եւս ձեր կողքին եմ, եւ կը սիրեմ ձեր բոլորին»։
Նշենք, որ Աունի խօսքէն ետք կարգ մը քաղաքական գործիչներ քննադատութիւններ ուղղեցին երկրի նախագահին՝ անոր խօսքը համարելով անիմաստ եւ հնամենի։